2016-07-20 12:18:00

Յիսուսեան միաբանութեան 36-րդ ընդհանուր ժողովը` 2 հոկտեմբերին։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 2 հոկտեմբեր 2016-ին Հռոմի մէջ բացումը պիտի կատարուի Յիսուսեան միաբանութեան ընդհանուր 36-րդ ժողովին, որուն ընթացքին Միաբանութեան ներկայ ընդհանուր մեծաւորը` Հայր Ատոլֆօ Նիքոլաս իր հրաժարականի խնդրագիրը պիտի ներկայացնէ ժողովականներուն որոնք ապա կրնան ընդունիլ եւ կամ մերժել զայն։

Զրուցելով այս 36-րդ հաւաքի մասին Հայր Նիքոլաս հաստատած է թէ ընդհանուր ժողովները կը ծառայեն բարելաւելու միաբանութեան կեանքը ու զայն կատարելագործելու որպէսզի աւելի լաւ ծառայութիւն մատուցէ Եկեղեցւոյ եւ Աւետարանին։ Ան ապա յայտնած է թէ վերոնշեալ ժողովին պատրաստողական աշխատանքները սկիզբ առած են, նոր կանոնագրութեան համաձայն, 2015-ի սեպտեմբերին, նախապատրաստական կոմիտէի աշխատանքով եւ Համադրող Կոմիտէի գործունէութեամբ։ 

Հայր Նիքոլաս ապա հրատապ նկատած է Ընդհանուր նոր Մեծաւորի մը ընտրութիւնը ''տրուած ըլլալով որ, ըսած է ան, իմ մարդկային ուժերս հետզհետէ կը տկարանան եւ Միաբանութիւնը կարիքը ունի նոր կորովի եւ քաջութեան դիմագրաւելու համար ապագան''։ Հայր Նիքոլաս զրոյցի աւարտին յոյս յայտնած է որ Ֆրանչիսկոս Պապ, 36րդ ընդհանուր ժողովի առթիւ, իր պատգամը ուղղէ միաբանակիցներուն








All the contents on this site are copyrighted ©.